Սարգիս Վահագն,
Գրող՝ արձակ եւ բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, թատրերգութիւն եւ գրախօսութիւն-փորձագրութիւն:
Կենսագրական գծեր
Ծնած է Պէյրութ,1927 Հոկտեմբեր 7-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, ապա երկրորդականը շարունակած՝ տեղւոյն ֆրանսական Լիսէն, եւ աւարտած Առեւտրական ճիւղը 1945՝ին։
Կանուխէն սիրած է գիրն ու գրականութիւնը։ Նախ փորձած է բանաստեղծութիւններ գրել, բայց շուտով ներգրաւուած է արձակի, գլխաւորաբար պատմուածքի սեռով։
Յիսունական թուականներէն սկսած է մաս կազմել այլազան գրական եւ մշակութային խմբաւուրումներու։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ի կազմաւորման եւ անոր յետագայ գործունէութեան։
Իր գրութիւնները, 1954-էն սկսեալ, հետզհետէ լոյս տեսած են «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Համայնապատկեր» եւ «Առագաստ» գրական ամսագրերուն մէջ։ Վաթսունական թուականներու կէսէն մնայուն կերպով աշխատակցած է «Շիրակ» ամսագրին եւ ապա մօտ տասը տարի, մինչեւ 1986 մաս կազմած է անոր խմբագրական կազմին, վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը։
Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է շարժանկարի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ։ 1958-1959-ին, Պէյրութի մէջ հրատարակած է սփիսռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ հանդիսացող «Նոր Սինեմա» արուեստի պարբերագիրքը։
2008-ին արժանացած է Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ-ի շնորհած Ս. Սահակ-Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին։
Ան ամուսնացած է վաստակաշատ դաստիարակչուհի Հայկուհի Աճէմեանին հետ, ունի չափահաս երեք զաւակներ եւ 1987-էն ի վեր հաստատուած է Լոս Անճելըս։
Իր լոյս ընծայած երկերն են.
«Մատանիներ», պատմուածքներ, Պէյրութ, 1969, արժանացած՝ «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական Մրցանակ»ին: «Արմատներ», պատմուածքներ, Երեւան, 1981: «Նայիրեան Մորմոք», թատրերգութիւն, Պէյրութ, 1982, արժանացած՝ «Ալէք Մանուկեան Գրական Մրցանակ»ին: «Աշոտ Ողորմած», թատրերգութիւն, Լոս Անճելըս, 1991: «Տագնապը», պատմուածքներ, Լոս Անճելըս, 2000: «Արշիլ Կորքի», վէպ, Լոս Անճելըս, 2004, արժանացած՝ «Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Գրական Մրցանակ»ին ինչպէս նաեւ՝ «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական Մրցանակ»ին: «Գրական Հմաստեղութիւն », փորձագրութիւններ, գրախօսականներ, Լոս Անճելըս, 2008: «Շուջը՝ Ոչինչ» , թարգմանութիւն՝ Արմէն Լիւպէն - Շահան Շահնուրի ֆրանսերէն ամբողջական բանաստեղծութիւններուն
Էջանիշներ