Սիրելի Պանդուխտ,
Ես ալ իմ կողմէս պատրաստած էի քանի մը օրինակներ, որոնք կը հաստատաէին արևմտեան արտասանութեան վաղեմիութիւնը. սակայն չուզեցի ծանրաբեռնել յօդուածս: Այս ալ ըսեմ, որ քու օրինակներդ իրենց թիւով ու որակով գերազանց են: Ինչ ընեմ որ Ջահուկեանի յիշեալ աշխատութիւնը չունէի, տեսած չէի:
Ուրեմն՝
1. Դուն դերանունը մենք կ'արտասանենք տուն ( tun ), որ կը սկսի խուլ լեզուատամնայինով. նոյնը կ'ընեն յունարէնը, լատիներէնը, իտալերէնն ու ֆրանսերէնը. մինչ արևելահայը կ'ըսէ դու, որ է du: Պարզ է որ արևմտեան արտասանութիւնը շատ աւելի մօտ է հնդևրոպական ակունքներուն:
2. Տալ, արևմտեան արտասանութեամբ dal, d արմատական նախաբաղաձայնը կը նոյնանայ վերոյիշեալ լեզուներու համապատասխան նախաբաղաձայնով, մինչ արևելահայերդ կ'արտասանէք tal:
3. Բաժին բառը մենք կ'արտասանենք pajin, իսկ լատիներէնի մէջ ան pagina է . նկատելի է նախաբաղաձայններու նոյնութիւնը: Արևելահայերդ կ'արտասանէք bajin, որ աւելի ուշ յառաջացած է:
Շատ հաւանական է, որ այս արևմտեան արտասանութիւնը Հայաստան մտած ըլլայ արմէններու հետ, որոնք աւելի մօտ էին հնդևրոպական արտասանութեան, մինչ բնիկները լայնօրէն ազդուած էին պարսկերէնի արտասանութենէն, ուր հնդևրոպական խուլերը ընդհանրապէս ձայնեղացած էին:
Էջանիշներ