User Tag List

Ցույց են տրվում 1 համարից մինչև 15 համարի արդյունքները՝ ընդհանուր 17 հատից

Թեմա: ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ նվագախումբ և երգչախումբ / KOHAR Symphonic Orchestra & Choir

Համակցված դիտում

Նախորդ գրառումը Նախորդ գրառումը   Հաջորդ գրառումը Հաջորդ գրառումը
  1. #1
    Paranoid Android Ռուֆուս-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    13.02.2008
    Տարիք
    41
    Գրառումներ
    11,459
    Mentioned
    4 Post(s)
    Tagged
    0 Thread(s)
    Հարցազրոյց Տիկին Գոհար Խաչատուրեանին հետ



    - Հոգեկան ինչպիսի՞ գոհունակութիւն կը զգաք տեսնելով այս հիանալի խումբը, որ ձեր անունը կը կրէ եւ հայկական մշակոյթի պահպանման մէջ այսքան մեծ աշխատանք կը տանի:

    -Հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը զգամ, միատեղ հաւաքուած, այսքան մեծ թիւով արուեստագէտներու ներկայութեամբ։ Մշակոյթի պահպանման համար մեծ աշխատանք կը տարուի։ Այս ամէնը մեծ զոհողութիւն եւ ծանր աշխատանք կ՚ենթադրէ, սակայն երբ անոր հոգեկան ու բարոյական արժէքին քաջածանօթ ենք եւ երբ քաղենք այդ աշխատանքին արդիւնքը եւ վայելենք Հայ երգի ու երաժշտութեան գոհարները, տքնաջան աշխատանքի ամբողջ յոգնածութիւնը կը վերանայ եւ անոր փոխարէն կը յայտնուի երջանկութեան եւ գոհունակութեան աննկարագելի զգացում։

    - Արդեօ՞ք երաժշտութիւնը ընդհանրապէս եւ հայկական մշակոյթը յատկապէս ի՞նչ կըսեն ձեզի. ըստ ձեզի, ի՞նչ է այսօր ասոնց արժէքը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու առումով:

    - Անոնք ինծի շատ բան կ՚ըսեն, որովհետեւ երաժշտութիւնը շատ կը սիրեմ։ Հանգուցեալ ամուսինս ալ շատ կը սիրէր, եւ այդ պատճռով, մեր տան մէջ երաժշտութիւնը անպակաս եղած է եւ մեր զաւակները այդ մթնոլորտի մէջ մեծցուցած ենք։ Ինքնաշարժին մէջ, միշտ ներկայ էր Շիրակ երգարանը եւ մեր պտոյտները երգելով կը կատարէինք։ Իրենց փոքր տարիքէն, տղաքս սկսած են հետեւիլ երաժշտութեան՝ Յարութը եւ Նարը երկու տարի հետեւած են ձեռնադաշնակի (accordion)-ի դասընթացքներու, սակայն չեն շարունակած։ Անոնց մէջ սակայն մնացած է երաժշտութեան հանդէպ սէրը, որ ծաղկած է ԳՈՀԱՐ-ի մտայղացումով եւ ստեղծումով։ Միջնեկ տղաս՝ Շահէն հետեւած է դաշնամուրի դասընթացքներուն եւ իր ուսուցիչները եղած են՝ Տիկին Ահարոնեանը, Սարգիսեան քոյրերը եւ ապա՝ երաժշտահան Պրն. Պօղոս Ճելալեան։ Նշեմ, որ ութ տարիներ առաջ, ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն։ Շահէն միշտ մեզի համար կը նուագէ եւ կ՚ուրախացնէ ՝ տան մէջ, թէ ընկերային հանդիպումներու ընթացքին։

    Հայ երաժշտութեան նպատակը Հայը հայ պահելու մէջ է։ ԳՈՀԱՐ-ին նպատակն է Հայ անարատ երգը հայ տուներէն ներս մտցնելն է։ Շատ ուրախ կը զգամ, երբ մայրեր կը խօսին հետս եւ կ՚ըսեն, թէ իրենց երեխաները կը սիրեն դիտել ԳՈՀԱՐ-ի տեսասալիկները եւ այս ձեւով Հայ երգի ու մշակոյթի հանդէպ իրենց սէրը կ՚աւելնայ։ Կ՚ուրախանամ նաեւ երբ կը տեսնեմ հանդիսատեսին բերկրանքն ու ցնծութիւնը, բոլոր այն հայահոծ գաղութներուն մէջ, ուր ԳՈՀԱՐ-ը ելոյթներ ունեցած է։ Կ՚ուզեմ պատմել դէպք մը, որ տեղ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու ելոյթներէն մէկուն աւարտին, երբ միջին տարիքով երիտասարդ մը մօտեցաւ ինծի ու ըսաւ. «Մէկ օրուան համար Հայ ապրեցայ»։ Այս դէպքը խորապէս ազդած է վրաս եւ միշտ կը յիշեմ այս նախադասութիւնը։

    Հարցազրոյց ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիր եւ մեկենաս Յարութ Խաչատուրեանին հետ



    - ԳՈՀԱՐ-ի ստեղծումը նուէր էր համայն հայութեան, ինչպէս կը վկայեն շատեր: Արդեօք դուք եւս ունիք այդ զգացումն ու գոհունակութիւնը:

    Ուր որ ԳՈՀԱՐ-ը վայելած եմ՝ աշխարհի մօտ տասնհինգ մայր քաղաքներու մէջ, զգացած եմ ներկաներուն ուրախութիւնը, խանդավառութիւնը եւ հաճոյքը։

    Կ՚ենթադրեմ, թէ ԳՈՀԱՐ-ը հայ անհատի հոգիէն ներս եկաւ լեցնելու անյագ մնացած հիմնական բաժին մը։ ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթները կ՚ըլլան ամէնէն արդիական տուեալներով, ըլլայ անիկա վայրի ընտրութիւնը, ձայնային եւ լոյսի տուեալները, բեմական հրապուրիչ զարդարանքները, մեներգչուհիներուն հագուստները, պարուհիներուն տարազները՝ եւ այս բոլորը կը կատարուին, որպէսզի հանդիսատեսը, ես ու ինծի ընկերակցողները տեսնեն գեղեցկութիւնը բեմին վրայ եւ վայելեն զայն, լսեն հարազատ հայ երգը, զգացական գոհունակութիւն ապրին եւ ժպտալով մեկնին՝ իրենց հոգիներուն մէջ զայն պահպանելով երկար ժամանակի վրայ։ Անդադար եւ անվերջ, ԳՈՀԱՐ-ը աշխարհի չորս կողմերէն կը ստանայ շնորհակալական նամակներ, գովասանքներ, հիացման խօսքեր, երախտագիտութեան արտայայտութիւններ։

    - ԳՈՀԱՐ-ը իր մեծ ու փոքր ընտանիքներով տիրական ներկայութիւն է հոն, ուր կերթայ եւ հոն, ուր հայ երգը կը հնչեցնէ: Ըստ ձեզի, ան իր ստեղծման նպատակը իրականացուց արդէն եւ իր վրայ դրուած բոլոր յոյսերը կարդարացնէ:

    ԳՈՀԱՐ-ին ճամբան Ա.Բ.Գ.-ն է։ ԳՈՀԱՐ-ի դրօշակը Կիլիկիոյ դրօշակն է։ ԳՈՀԱՐ-ի նպաստը Հայ ուսուցիչին է։ Առաջին օրէն ան սատարած է Հայ լեզուին։ ԳՈՀԱՐ-ի տեսասալիկները (DVD) պատրաստուած են այս նպատակով եւ ուղութեամբ։ Երգերուն բառերը տողատակուած են եւ Հայերէն գրել - կարդալ չգիտցող Հայերուն համար՝ լատիներէն տառերով տառադարձուած, որ ինքնին լեզուն սորվեցնելու կերպ մըն է Հայերէն չգիտցող հայերուն։ ԳՈՀԱՐ-ը անդադար շնորհակալական արտայայտութիւններ կը ստանայ այս իւրայատուկ միտքին համար։

    Ազդակ օրաթերթ, 28 մայիսի 2010
    Վերջին խմբագրող՝ Ռուֆուս: 10.09.2010, 11:31:
    I may be paranoid but no android!

  2. Գրառմանը 6 հոգի շնորհակալություն են հայտնել.

    Jarre (10.09.2010), Sona_Yar (10.09.2010), Tig (10.09.2010), ԿԳԴ (13.01.2011), Մաեստրո (13.01.2011), Ֆոտոն (10.09.2010)

  3. #2
    Paranoid Android Ռուֆուս-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    13.02.2008
    Տարիք
    41
    Գրառումներ
    11,459
    Mentioned
    4 Post(s)
    Tagged
    0 Thread(s)
    Հարցազրոյց ԳՈՀԱՐ-ի գործադիր տնօրէն Սեւակ Սերոբեանին հետ

    Հա Նինա



    - Բաւական դժուար աշխատանք տարած էք ձեր ուսերուն: Արդեօք որքանո՞վ հեւք, կազմակերպականութիւն, հետեւողականութիւն եւ Ճիգ կը պահանջէ ելոյթներ կազմակերպելը, մանաւանդ որ այդպիսով է, որ երաժշտականութեան արժէքը կը հրամցուի ժողովուրդին:

    - Ընդհանուր առումով, ամէնայն խոնարհութեամբ կրնամ վկայել, թէ ԳՈՀԱՐ-ի համերգները բարձր մակարդակով կը կազմակերպեմ։ Առաջին ելոյթներէն սկսած մինչեւ հիմա, մասնագիտական բարձր մակարդակով տեղի կ՚ուենան անոնք։ Եւրոպայէն, ի մասնաւորի Գերմանիայէն եւ Անգլիայէն լոյսի եւ ձայնի սարքաւորման ու նկարահանման մասնագէտներ կը ներառենք ՝ մասնաւորաբար անմիջապէս Պէյրութի 2002-ի համերգներէն ետք, յետ արտադրութեան ընթացքին, տեսասալիկներուն կողքին պատրաստեցինք նաեւ երկլեզու ցուցակը։ Այս մէկը, ինչպէս նաեւ տեսասալիկներուն տողատակն ու տառադարձութիւնը դիւրութիւն ընծայեցին ներկայ սերունդի հայորդիներուն, որպէսզի հեշտութեամբ հետեւին երգերուն։ Ի մասնաւորի Պոլսոյ ելոյթէն ետք, այսինքն 2005-էն ի վեր շատ աւելի արդիական ու վաստակաւոր մասնագէտներու հետ սկսանք աշխատիլ։

    Այո, ընդհանուր աշխատանքը բաւական բարդ է, նկատի ունենալով խումբին մեծ թիւը։ Հարիւր յիսուն հոգիէ աւելի երաժիշտներ մէկ տեղ փոխադրելն ու անոնց ապահովութեան բոլոր միջոցները հայթայթելը բարդ աշխատանք է։ Հոս յիշեցնեմ նաեւ, որ խումբին կ՚ընկերակցին նաեւ երրեսունէն քառասուն օտար մասնագէտներ։ Մեր այցելած երկիրներու տարբեր լեզուներն ալ կրնան կարգ մը դժուարութիւններ առաջացնել անդամներուն մօտ, որոնք սակայն միշտ հարթած ենք։

    Սերս վանքում Տաթևի



    Հետեւողութիւնն ու ճիգը հիմնական կռուաններ են յաջողութեան համար։ Ես, իբրեւ պատասխանատու անձ, եւ ԳՈՀԱՐ-ի իբրեւ գործադիր տնօրէն (producer) ՝ պաշտօնէս մեկնելով եւ նկարագրիս յատկանիշներուն իբրեւ արդիւնք, բծախնդրօրէն եւ մանրակրկիտ ձեւով կը մօտենամ այս աշխատանքին։ Թէ՛ մտովի եւ թէ հոգեպէս կատարեալ նուիրուածութիւն կը ցուցաբերեմ, ԳՈՀԱՐ-ի յաջողութեան համար տարուած իւրաքանչիւր աշխատանքի մէջ, նոյնիսկ եթէ ան փոքր կամ աննշան գործ մը ըլլայ։ Կը հաւատամ, որ որակի պահպաման միջոցներէն հիմնականը յարատեւ հետեւողականութիւնն է։ Այո բարդ եւ նոյնիսկ ծանր աշխատանք է մեր կատարածը, սակայն, երբ տեսնենք ժողովուրդին խանդավառութիւնը, ուրախութիւնն ու յուզմունքը, որոնք կ՚արտայայտուին զանազան ձեւերով ՝ մեր բոլոր յոգնութիւնը ոչ միայն կը փարատի, այլ նաեւ կը վերածուի մղիչ ուժի, շատ աւելի բարձրին նկրտելու։

    Ինչպէս ականատես եղած էք, ԳՈՀԱՐ-ը իւրայատուկ է իր ամբողջութեամբ։ Մեր ձգտումը եղած է, որ ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթները ըլլան ոչ միայն բարձր մակարդակով, այլեւ յարատեւ վերելք արձանագրեն։ Իւրաքանչիւր համերգ, որ տեղի կ՚ունենայ, միշտ նախորդը կը գերադասէ։ Այս մէկուն ստոյգ փաստն է Միջին Արեւելեան մեր զոյգ համերգները։ Երբ բաղդատութեան դնենք 2002-ի, Լիբանանի ելոյթը եւ 2009-ի Դամասկոսի եւ Հալէպի ելոյթները, յառաջդիմութիւնը ՝ տարբեր երեսներով արդէն կը յայտնաբերուի։ Մէկ բան կ՚ուզեմ շեշտել նաեւ, որ մեր տարած աշխատանքը սահման չի ճանչնար։ Մենք կը սլանանք դէպի անսահման կապոյտ երկինք։

    Բարելաւման մեր աշխատանքը կը կատարենք տարբեր մաշտապներով ՝ ըլլայ այն ձայնի եւ լոյսի սարքաւորումը, բեմային զարդարանքները, տարազները, եւ նամանաւանդ ՝ կատարողական մարզը։ Անձամբ շատ մօտ աշխատանք տարած եմ խումբի կատարողականութեան բարձրացման, օտար երկիրներէ ՝ ի մասնաւորի Գերմանիայէն բերել տալով մասնագէտ (Master class) երաժիշտ դասատուներ, որոնք եկած են կատարելագործելու նուագախումբին փայտափողային, լարային եւ պղնձափողային բաժինները։ Ինչպէս նաեւ ձայնային անթերիութեան մակարդակին հասնելու նպատակով ՝ Հալէպահայ օփերայի երգչուհի եւ այժմ Դամասկոսի Պետական երաժշտանոցի ձայնամարզման գլխաւոր պատասխանատու ՝ Տիկին Արաքս Չեքիճեան զբաղած է մեներգիչներուն անհատական փորձերով ՝ մասնագիտական յատուկ ցուցմունքներ տալով անոնց։

    Մանկութենէս արուեստի եւ երաժշտութեան մթնոլորտի մէջ եղած եմ։ Ծնողքս լուսանկարչութեամբ զբաղած են եւ ես ալ անոնցմէ ժառանգած եմ նկարչութեան հանդէպ սէր եւ ունակութիւն եւ ապա հետեւած եմ Graphic Design-ի։ Այս բոլորը զիս խթանեցին եւ իմ մէջս զարգացուցին գեղեցիկը, ընտրանին տեսնելու եւ աչքն ու միտքը զուգահեռաբար ի գործ դնելու գաղտնիքը։ Միշտ կը ձգտիմ լաւագոյնին մասնակցութիւնս բերելով բեմահարթակի զարդարման, տարազներու ընտրութեան, ինչպէս նաեւ մեներգչուհիներու հագուստներու որոշման ՝ ուղակի գործակցելով մասնագէտներու հետ։

    Լիրիկական



    - Ի՞նչ էին խումբին ամէնէն վերջին աշխատանքները, իսկ ի՞նչ են ապագայի ծրագիրները: Արդեօք Լիբանան գալու եւ հոս մեծ խումբով ելոյթ ունենալու մտադրութիւններ կա՞ն:

    - Խումբին վերջին յաջողութիւններն էին Դամասկոսի եւ ի մասնաւորի Հալէպի բերդի Ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցած ելոյթները, ուր հանդիսատեսին խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Հալէպի համար երկու ելոյթ նախատեսած էինք, սակայն ժողովուրդին պահանջքով մէկ օր եւս ելոյթ ունեցանք, որ իրականութեան մէջ փորձի օր պէտք էր որ ըլլար։ Մեր ժամերը խտացնելով, ոչինչ խնայելով եւ գիշերը ցերեկ ընելով, յաջողեցանք այդ օրը նոյնիսկ տրամադրել ժողուրդին, որպէսզի յաւելեալ 2500 Հայ անհատի հասանելի ըլլայ անաղարտ Հայ երգը։ Այս բոլորով հանդերձ, սակայն, չկրցանք ընդունիլ դուռին առջեւ սպասող 500 այլ անհատներ, որոնք կը փափաքէին ԳՈՀԱՐ-ի փառատօնին ականատես ըլլալ ՝ տեղի չգոյութեան պատճառով։ Չուզեցինք զանոնք միջանքներուն մէջ ընդունիլ, հանդիսատեսի ապահովութիւնը չխաթարելու համար։

    ԳՈՀԱՐ-ի համերգներուն, նամանաւանդ Հալէպի, իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին աւելի քան 1500 Կիլիկիոյ դրօշներ բաշխուեցան հանրութեան։ Շատ մեծ խանդավառութիւն եւ հիացում ստեղծեցին անոնք հանդիսատեսին մօտ, մասնաւորաբար ազգագրական երգերու ընթացքին, ուր բոլոր ներկաները, Կիլիկիոյ դրօշները ծածանելով խումբին հետ սկսան երգել։ Կիլիկիոյ դրօշը, Հայ ժողովուրտի պատմական արժէքը արտայայտող իբրեւ նշան, եղած է ԳՈՀԱՐ-ի խարիսներէն մէկը։ Անշուշտ, միւս խարիսխներն են մեր Ա.Բ.Գ-ը եւ Հայ ուսուցիչը։

    Առաջին սիրո երգ



    ԳՈՀԱՐ կը ներկայանայ իր Բոլոր Ժամանակուայ Սիրուած Երգերով։ Ան բոլոր ժամանակի եւ բոլոր սերունդներուն համար է եւ ուղուած զանազան տարիքի ունկնդիրներուն։ Երբ կը տեսնենք, թէ տարուէ տարի ԳՈՀԱՐ-ի ելոյթներուն հանրութեան մէջ երթալով կը բազմանան երիտասարդներուն թիւը, այդ արդէն կը նշանակէ որ մեր գծած ուղին իր ճիշդ ընթացքի վրայ է եւ Հայ երգի տարածման եւ պահպանման մեր նպատակին արդէն հասած ենք։

    Այժմ, Հալէպի եւ Դամասկոսի տեսասալիկներուն արտադրութիւնը ընթացքի մէջ է։ Այս շաբաթ պիտի ըլլամ Միւնիխ, որպէսզի կազմակերպեմ ու կարգի դնեմ իրագործելու Հալէպի եւ Դամասկոսի ելոյթներուն արձանագրութիւնը, High Definition Blue Ray արդիական տեսասալիկներու օգտագործութեամբ։ Եկող ամիսները բազմազբաղ ամիսներ պիտի ըլլան։ Յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնիմ Անգլիա, որպէսզի տեսաերիզի բաժինը աւարտենք։ Յունիսի երկրորդ շաբաթը պիտի երթամ Համպուրկ՝ երգերուն կամ ձայնի բաժինը կատարելագործելու համար։ Ձայնի մասնագէտ ճարտարագէտներ կը զբաղին այս հարցով, մասնաւորաբար Գերմանացի Ռալֆ Քասլըրը, որ 2002-էն ի վեր մեզի հետ կը համագործակցի։ Անոր հետ միասին ձայնի մասնագիտական աշխատանքներու ժամանակացոյցը պիտի դասաւորենք։ Յոյսով ենք, որ այս տարուայ աւարտին արդէն պատրաստ կ՚ըլլանք։ Այս բոլորը մանրամասն կը նշեմ պարզապէս, հանրութեան առաջ պարզելու աշխատանքային հերթականութիւնն ու բարդ ընթացքը։ Ինչպէս կը տեսնէք բաւական ծանր աշխատանք կ՚ենթադրեն անոնք։

    Վստահ եմ, որ արդէն ծանուցումներու միջոցով մեր գաղութը տեղեկացաւ, թէ ԳՈՀԱՐ-ը այս ամառ պիտի գտնուի Լիբանան ՝ երեք յաջորդական ելոյթներով ՝ Սեպտեմբեր 24, 25 եւ 26-ին, Զուք Միքայէլի Հռոմէական Ամփիթատրոնին մէջ։

    Անցեալ շաբաթ Հայաստան էի, ելոյթին հետ առնչուած վերջին հանգրուանային աշխատանքները եզրափակելու։ Հետս էր նաեւ եղբայրս ՝ Սարօ Սերոբեանը, որ գլխաւորաբար տնտեսական բաժնի պատասխանատուն է։ Ան նաեւ կապն է ԳՈՀԱՐ-ի հիմնադիր ու մեկենաս՝ Պրն. Յարութ Խաչատուրեանին եւ Մայսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին միջեւ, ի մասնաւորի երգացանկի ընտրութեան բաժնի մէջ։ Ան կը սատարէ գործունէութիւններուս ՝ զանազան գաղափարներ փոխանակելով եւ միտքեր պարզելով։ Պրն. Յարութ Խաչատուրեանը ուղակի ներդրում կ՚ունենայ երգացանկի ընտրութեան եւ մօտէն կը հետեւի ԳՈՀԱՐ-ի փորձերուն։ Ան ԳՈՀԱՐ-ի Հայրօնն է։

    ԳՈՀԱՐ- ի Լիբանանի ելոյթները ՝ պիտի կատարուին բարձր մակարդակով, որպէսզի Հայ երգին արժէքը իր կատարելութեան մէջ հասնի հայորդիներուն ու անոնց հոգիները ա՛լ աւելի ամբարուին հայկականութեամբ։ Կը հրաւիրենք Ձեզ ԳՈՀԱՐ-ի այս Մեծ համերգ «փառատօն»ին։

    Ազդակ օրաթերթ, 28 մայիսի 2010
    I may be paranoid but no android!

  4. Գրառմանը 6 հոգի շնորհակալություն են հայտնել.

    Jarre (10.09.2010), Sona_Yar (10.09.2010), Tig (14.01.2011), ԿԳԴ (13.01.2011), Մաեստրո (13.01.2011), ՆանՍ (10.09.2010)

  5. #3
    Պատվավոր անդամ
    Գրանցման ամսաթիվ
    22.11.2006
    Տարիք
    54
    Գրառումներ
    889
    Mentioned
    0 Post(s)
    Tagged
    0 Thread(s)
    Հալեպի բերդում կատարուած «Գոհար»ի ելոյթը չտեսնուած երեւոյթ էր. երգի, երաժշտութեան եւ պարի կատարողութեամբ. լոյսի եւ գոյնի խաղերով. կազմակերպուածութեամբ: Ես դեռ սպասում եմ այդ ելոյթի ցուցադրումը հայկական մի հեռուստակայանից:

  6. Գրառմանը 1 հոգի շնորհակալություն է հայտնել.

    Ռուֆուս (10.09.2010)

  7. #4
    ginger Dayana-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    06.10.2006
    Գրառումներ
    5,421
    Mentioned
    0 Post(s)
    Tagged
    0 Thread(s)
    Ապրես դու, Ռուֆ

  8. Գրառմանը 5 հոգի շնորհակալություն են հայտնել.

    Jarre (10.09.2010), ԿԳԴ (10.09.2010), ՆանՍ (10.09.2010), Ռուֆուս (10.09.2010), Ֆոտոն (10.09.2010)

  9. #5
    Լիարժեք անդամ Մաեստրո-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    30.08.2010
    Հասցե
    ...................
    Գրառումներ
    138
    Mentioned
    0 Post(s)
    Tagged
    0 Thread(s)
    Շատ գնահատելի է Գոհար Սիմֆոնիկի կատարած առաքելությունը, և իհարկե մաեստրո Սեպուհը անկրկնելի է իր գործում: Ես անչափ սիրում, ու հաճույքով լսում եմ նրանց համերգները` ասեմ ավելին, իմ ընկերը՝ Արտակը, որ այս խմբի մենակատարներից է, այժմ դժբախտ պատահարի պատճառով բեմում չի, սակայն հուսով եմ, որ կգա մի օր, և նա նորից իր քախցր ձայնով կերգի Գոհար Սիմֆոնիկ նվագախբի հետ:
    Շնորհակալություն թեմայի համար:

    ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիկ նվագախումբ և երգչախումբ, երգում է Արտակ Կիրակոսյանը

    Վերջին խմբագրող՝ Մաեստրո: 13.01.2011, 02:40:
    Ես ննջեմ, և սիրտ իմ արթուն կայ...
    Դիր զիս իբրև զկնիք ի վերայ սրտի քո...
    Վասնզի հզոր է իբրև զմահ սէր...

  10. Գրառմանը 5 հոգի շնորհակալություն են հայտնել.

    einnA (13.01.2011), Tig (14.01.2011), ԿԳԴ (13.01.2011), ՆանՍ (13.01.2011), Նարե (03.03.2011)

  11. #6
    Paranoid Android Ռուֆուս-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    13.02.2008
    Տարիք
    41
    Գրառումներ
    11,459
    Mentioned
    4 Post(s)
    Tagged
    0 Thread(s)
    Ի դեպ 2011թ-ի մայիսի 28-ին Երևանի Ազատության Հրապարակում տեղի կունենա ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիկ նվագախմբի և երգչախմբի բացօթյա անվճար համերգ: Մանրամասները հաջորդիվ
    I may be paranoid but no android!

  12. Գրառմանը 9 հոգի շնորհակալություն են հայտնել.

    einnA (13.01.2011), Gayl (13.01.2011), Jarre (13.01.2011), Tig (13.01.2011), ԿԳԴ (13.01.2011), Մաեստրո (13.01.2011), ՆանՍ (13.01.2011), Նարե (03.03.2011), Ֆոտոն (13.01.2011)

  13. #7
    Անտառային Ֆոտոն-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    15.06.2009
    Հասցե
    Չուկչստան
    Տարիք
    37
    Գրառումներ
    1,814
    Բլոգի գրառումներ
    12
    Mentioned
    0 Post(s)
    Tagged
    0 Thread(s)
    Մեջբերում Ռուֆուս-ի խոսքերից Նայել գրառումը
    Ի դեպ 2011թ-ի մայիսի 28-ին Երևանի Ազատության Հրապարակում տեղի կունենա ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիկ նվագախմբի և երգչախմբի բացօթյա անվճար համերգ: Մանրամասները հաջորդիվ
    Հրաշալի նորություն: Էդ նշանակում է, որ ուղիղ եթերով էլ ցույց կտան ամենայն հավանականությամբ:
    Քայլ առ քայլ դեպի ինքնաբավ երջանիկ կյանք


  14. #8
    Լիարժեք անդամ Մաեստրո-ի ավատար
    Գրանցման ամսաթիվ
    30.08.2010
    Հասցե
    ...................
    Գրառումներ
    138
    Mentioned
    0 Post(s)
    Tagged
    0 Thread(s)
    Համամիտ եմ ՆանՍ ջան,Արտակը շատ սիրուն ձայն ունի:
    Ահա քո ուզած Կարինե օպերետայից " Լեբլեբիջիների Խմբերգը" (Մենք քաջ տոհմի զավակներն ենք) բայց երգչախմբի, և նվագախմբի կատարմամբ:



    Արտակի կատարմամբ ևս մի շատ սիրված երգ՝ Ա. Հեքիմյանի "Բարի արագիլ"

    Վերջին խմբագրող՝ Մաեստրո: 13.01.2011, 17:09:
    Ես ննջեմ, և սիրտ իմ արթուն կայ...
    Դիր զիս իբրև զկնիք ի վերայ սրտի քո...
    Վասնզի հզոր է իբրև զմահ սէր...

  15. Գրառմանը 4 հոգի շնորհակալություն են հայտնել.

    einnA (13.01.2011), Gayl (13.01.2011), Tig (14.01.2011), ՆանՍ (14.01.2011)

Թեմայի մասին

Այս թեման նայող անդամներ

Այս պահին թեմայում են 1 հոգի. (0 անդամ և 1 հյուր)

Համանման թեմաներ

  1. Սանկտ-Պետերբուրգի Ռուսական Պետական Համերգային Նվագախումբ
    Հեղինակ՝ Rammstein, բաժին` Համերգներ, տեսահոլովակներ
    Գրառումներ: 2
    Վերջինը: 03.09.2011, 16:42
  2. Ակումբը պստիկ Գոհար ունեցա՜վ....
    Հեղինակ՝ My World My Space, բաժին` Շնորհավորանքներ
    Գրառումներ: 53
    Վերջինը: 27.08.2011, 19:57
  3. Գրառումներ: 1
    Վերջինը: 10.09.2010, 21:35
  4. Մահացել է Գոհար Գասպարյանը
    Հեղինակ՝ Artgeo, բաժին` Երաժշտություն
    Գրառումներ: 20
    Վերջինը: 19.05.2007, 00:14
  5. Ծնունդդ շնորհավոր, Գոհար
    Հեղինակ՝ Selene, բաժին` Շնորհավորանքներ
    Գրառումներ: 25
    Վերջինը: 07.04.2007, 14:13

Էջանիշներ

Էջանիշներ

Ձեր իրավունքները բաժնում

  • Դուք չեք կարող նոր թեմաներ ստեղծել
  • Դուք չեք կարող պատասխանել
  • Դուք չեք կարող կցորդներ տեղադրել
  • Դուք չեք կարող խմբագրել ձեր գրառումները
  •