Հարցազրոյց Մայսթրօ Սեպուհ Աբգարեանին հետ
Ամպի տակից
Հ .Ա. ԳՈՀԱՐ-ը իր ստեղծման օրէն մինչեւ այսօր տարբեր մակարդակներու վրայ զարգացում ապրեցաւ։ Խօսինք զուտ
երաժշտական իմաստով խումբին կրած զարգացման մասին։
Ս. Ա.- Ձեր հարցումը թելադրութիւնը կ՚ընէ թափանցելու ԳՈՀԱՐ Սեմֆոնիք նուագախումբի, երգչախումբի, մեներգիչներու և պարախումբի երաժշտական ԽՈՀԱՆՈՑԸ։ Առաջին օրէն մինչև այսօր, ժամանակին հետ, փոփոխութիւններ կատարուեցան խոհանոցային երաժշտական հնարքներուն մէջ։ Բարելաւուեցան պղնձափողային, փայտափողային նուագարանները, փոխանակելով նոր ու արդիական արտադրանիշ ունեցող լրացումներով։ Նոյնը գործադրուեցաւ լարային նուագարաններու պարագային։ Գործածուող լարերը փոխուեցան երաժշտական աշխարհի լաւագոյն լարերով։ Երգչախումբի անդամներուն՝ ստէպ-ստէպ կատարուած ստուգումները յայտնագործեցին և պահանջեալ հարկին եղան փոփոխութիւններ՝ երիտասարդ ու ձայնեղ նորերով։ Թարմ նորելուկները իրենց գեղեցիկ արտաքինով և հմտութեամբ նոր փայլ մը տուին ընդհանուր աշխատանքին։ Ժամանակն ու փորձառութիւնը կատարողներուն քով ստեղծեցին պատրաստութեան և պատասխանատուութեան բարձր մակարդակ մը։ Յարաճուն փորձերը ընդհանուր համոյթին պարգեւեցին ձայնային միաւորման հետ, նրբերանգ զգայնոտութիւն, հասկացողութեամբ արագ ընկալում։ Կատարողական արուեստը մեծապէս օգտուեցաւ այս հնարքներու փոփոխութեամբ։ Ի վերայ այսր ամեմայնի՝ մեծագոյն նպաստ մը եղաւ Գոհարի հայրօնի ներկայութիւնն ու շինիչ թելադրութիւնները՝ երգերու մատուցման և այլ հարցերու վերաբերեալ, որոնք եկան կատարողական արուեստին տալու արդիական փայլ մը, առաջնորդելով ընդհանուր աշխատանքը նոր բարձունքի մը։
Վալս
Հ.Ա. Ինչո՞վ կը բնորոշուի ԳՈՀԱՐ-ը, երգերու և խումբի անդամներու ընտրութիւնը սովորաբար ի՞նչ ձեւով կը կատարէք։ Արդեօք ձեր բոլոր ելոյթներէն՝ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի կա՞յ յատկանշական դէպք մը, զոր յաճախ կը յիշէք, որովհետեւ ձեզ իսկապէս տպաւորած է։
Ս.Ա.- Երաժշտական խոհանոցին մէջ պատրաստուած 21-րդ դարու ճաշակով ու մշակմամբ հայկական սիրուած երգերու համտեսումը կը դրուի արուեստասէր հասարակութեան խրախճանքի լսարանին։ ԳՈՀԱՐի փորձառութիւնը:
Միանշանակ բնորոշում մը կը վայելէ… Միշտ յաջող, միշտ տօնականօրէն զգայացունց, երջանիկ ու ոգեւորիչ խանդավառութեամբ յորդուն… Եղելութիւններու յայտարարութիւնը չափազանցեալ և շատ յաճախ անտեղի արժեւորում մը պիտի ըլլար և կրնար խոտոր ու ճշմարտազանց թուիլ լսողին համար, սակայն երաժշտութեամբ տրուած պատասխանը, աւելի յուզական և յայտնատեսական բան մըն է, որ կը ներկայանայ միջին ունկնդրին մի քանի հազար հաշուող հանդիսասրահի մը մէջ։ Երաժշտական կտորի մըկատարումը, յաջող կամ ձախող ըլլալը ընդհանուրի խանդավառութեան տեսակէտ է… յուզումներ կրնայ գրգռել կամ քնաբեր ըլլալ։ ԳՈՀԱՐ-ի իւրաքանչիւր մեկնաբանութենէ վերջ, երբ կը դիտուի այն ոգեւոր երջանկութիւնը, ուր կը յորդի՝ խեղդելու աստիճան հասարակութիւնն ու մեկնաբանողները իր տիտանօրէն ալեծածան թաւալումի մէջ…։ Ութ տարիներ առաջ երբ նորակազմ ԳՈՀԱՐ մեծ ընտանիքը իր անդրանիկ համերգային շրջագայութիւնը ունեցաւ մեկնելով Կիպրոս և Լիբանան, իր տեսակին մէջ վերոյիշեալ խանդավառ մթնոլորտը վայլեց։ Երեք տարիներ վերջ հայ ազգի ցեղասպանութեան 90- ամեակի տարելիցի շրջանին, ԳՈՀԱՐ-ը Կիլիկիան թագաւորկան իր դրօշներով և Ա.Բ.Գ.էն ակունք առած երգերու ընդմէջէն խանդավառեց Պոլսոյ հասարակութիւնը։ Յաջորդ տարի՝ ԳՈՀԱՐ-ը գրոհեց, Մոսկուա՝ Գրեմլին։ 2007-ին համերգային շրջագայութեան մեկնեցաւ՝ մէկ ու կէս ամիս՝ Գոլոմպոսեան ցամաքամաս և Գանատա։ 2009՝ Սուրիա՝ Դամասկոս և Հալէպ։ Իւրաքանչիւր անգամ, բնավայր, հասարակութիւն, ԳՈՀԱՐ-ի մեծ ընտանիքը, իր տարիքին գիտակցութեան և յայտագիրներու յղկման պատրաստութեամբ, ապրեցուց և ապրեցաւ իր որակով, իրարմէ տարբեր երաժշտասէր ունկնդիրներու նոր ոգեւորութիւն, նոր փորձառութիւն և այդ շահուած փորձառութեանց որպէս արդիւնք, բարձր արհեստավարժ զարգացում, մակարդակի զգալի վերելք և այս հարստութեան համահաւասար, յայտագրի նորանոր երգերու յաւելում, ընտրուած հայկական երգերու գանձարանէն մոռացութեան տրուած, սակայն սիրուած երգեր։ Այս համագումարը ԳՈՀԱՐ-ը բարձրացուց այն մակարդակին, ուր Ան մնաց միշտ փնտռուած, սպասուած, վստահելի ու ոգեւորող վայելք։ Անշուշտ, շատ ու շատ յատկանշական դէպքեր կան որոնցմէ ընտրութիւն մը կը դժուարանամ ընել, սակայն, կ՚ուզեմ Ձեր ընթերցողները անպատասխան չձգել։ Շատերէն պիտի ընտրեմ մի քանի հատ, ձեզի ձգելով ընտրութիւնը։
- Պոլիս։
Համերգի աւարտին անձ մը մօտեցաւ խնդրելով որ իր յայտագրին մէջ ստորագրեմ։ Հարցուցի անունը։ Թուրքերէն լեզուով յայտնեց թրքական անունն ու մականունը։ Իմ կոտրտած թուրքերէնովս հարց տուի թէ ի՞նչ լեզուով գրեմ…
«Հայերէն գրէ… ես Իզմիրէն կուգամ, հայ եմ»։
- Պոլիս։
Համերգի աւարտին, երիտասարդ այր ու կին և իրենց փոքրիկը մօտեցան խնդրելու ստորագրութիւն։ Հայերէնով աւելցուցին որ իրենք Սասունէն կու գային։ Ստորագրեցի։ Այրը աւելցուց .«Մեր փոքրիկը համերգի ամբողջ ընթացքին արթուն մնաց և ղեկավարին հետ ղեկավարեց»։
- Պոլիս։
Անձ մը մօտեցաւ Յայտագրի ստորագրութեան խնդրանքով։ Հարցուցի անունը։ «Հրանդ Տինք», պատասխանեց։ Անակնկալ էր։ Ստորագրեցի։ Դարձաւ հարցուց. « Գիտե՞ս ԳՈՀԱՐ-ի համերգին իմաստը հոս, Պոլսոյ մէջ»։ « Եթէ չգիտնայինք, չէինք գար», պատասխանեցի։
-Մոսկուա-Գրեմլին։ Ռուս տիկին մը մօտեցաւ և յայտնեց իր խոր յուզման և վայելքին մասին։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի շրջանին ինք զինուոր է եղեր ռուսական բանակին մէջ, ուր հանդիպեր է հայազգի հարիւրապետի մը, որ մի քանի տարի առաջ մահացեր է և միշտ կ՚երգէ եղեր. « Թռչէի մտքով տուն» երգը։ Երգին՝ մեր կատարումը զինք խորապէս յուզեր էր։
- Հալէպ։
Համերգ Հալէպի պատմական բերդին մէջ, ուր հայրս 94 տարիներ առաջ՝ դեռ պատանի, բանտարկուեր էր, յաջորդ օրը առաւօտ ուրիշ հարիւրաւորներու հետ, Հալէպի Պապ էլ Ֆարաճ հրապարակին վրայ կախաղան հանուելու պատիժով։ Սակայն, ամբողջ գիշեր մատներով կրցեր էր բանտի խցիկին պատը փորելով իր տարեկիցներուն հետ փախչելով՝ ազատիլ։ Եւ 94 տարիներ վերջ ԳՈՀԱՐը նոյն բերդին մէջ համերգ կու տար…
Արդյոք ովքեր են
Հ.Ա. Գոհ է՞ք ցարդ տարուած աշխատանքէն ու արդիւնքներէն։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք ձեր սփիւռքահայ երաժշտասէրներուն յատկապէս, որոնք միշտ անհամբեր կը սպասեն ԳՈՀԱՐ-ը։
Ս.Ա.- Գոհունակ զգացում մը կու գայ պահ մը՝ երջանիկ սոխակի մը պէս դայլայլելու։ Այդ, պահ մըն է միայն։ Գիտէք թէ որքան հեռու է կատարելութիւնը և գուցէ Անոր բնաւ չհասնինք՝ անոր իղձովը մեռնինք… Ձեր հարցումին շարունակութիւնը ԳՈՀԱՐ-ի համերգային շրջագայութեան կ՚ակնարկէ և ամբողջ էութեամբ երջանիկ հոսանք մը կ՚անցնի սրտէս։ Լիբանանը, և մանաւանդ Պէյրութը՝ մանկութեանս՝ վաղ պատանութեանս օրօրանը եղած է. քաղցր՝ երբեմն լեղի յուշեր զիս կը կապեն հոն։ Առաջին հայերէն թոթովանքս, սիրելի ուսուցչիս՝ Բ. Կանաչեանի երգերը երգելս՝ Պէյրութի կապոյտ երկինքին տակ եղեր են։ Լիբանանի օդը, ջուրը և հացը կերեր եմ, ուստի ինչ պատկառելի ու շնորհակալ զգացումներով կը նայիմ երիտասարդ անձի մը որ այս բարիքը մատոյց բոլորիս։ Այսօր երջանիկ հեռանկարը մտքիս հորիզոնին վրայ, կը ներկայեմ այն օրը, երբ երկրորդ անգամն ըլլալով պիտի վայելեմ հարազատ ու խանդավառ լիբանանահպատակ արեւմտահայ բեկորներուն և Լիբանանցի ասպնջական ժողովուրդին ներկայացնելու ԳՈՀԱՐ-ի մեծ ընտանիքին վերջին տարիներու հունձքին վաստակը։ Չմոռնանք որ մեր Հայրօնն ու համայն Խաչատուրեան գերդաստանի բնավայրն է Լիբանանը։ ԳՈՀԱՐ-ի մեծ ընտանիքը, որպէս մտասեւեռում ունի Լիբանան այս Ուխտագնացութիւնը և այդ իսկ խանդավառութեամբ՝ կը մաղթեմ ամենայն բարիք Լիբանանի համայն ժողովուրդին։
Ի ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ։
Էրեբունի-Երևան
Սեպուհ Լեւոնի Աբգարեան
ԳՈՀԱՐ Սիմֆոնիք Նուագախումբի և Երգչախումբի
Խմբավար և Գեղարուեստական Ղեկավար
Ազդակ օրաթերթ, 28 մայիսի 2010
Էջանիշներ