-Ուրախ եղայ ձեզի ծանօթանալուս:
Այս ըսաւ իր կնոջ եւ երեք զաւակներուն ու յաւիտեան փակեց իր աչքերը:
Մեծ տղան էր որ առաջին անգամ զգալով որ ինքն էր այդ տան նոր էրիկ մարդը, հանդարտ ոճով մը մեկնաբանեց թէ իր հայրը վերջին շունչը չփչած, արդէն իսկ տեսած էր հրեշտակներուն եւ անոնց էր ուղղած իր վերջին խօսքը:
Միջնեկը որ քիչ մը աւելի արթուն էր, մտքէն ծաղրելով իր մեծ եղբօր խօսքերը, արդէն իսկ վստահ էր թէ իր հօր վերջին խօսքը կը նմանէր զառանցումի մը որ մարդ կ՛ունենայ երբ կ՛ըլլայ 41 աստիճանի տաքութեան մէջ:
Փոքրիկը որ մօտաւորապէս երեսուն հազար ժամ անցած էր իր առաջին ճիչէն, արդէն կուլար պարզապէս որովհետեւ գրէթէ ամէն ներկաները կուլային:
Իսկ կինը հանգուցեալին, որ եղած էր հետը երկար ժամանակ, աւելի երկար քան իրենց առաջին մանչին տարիքէն, նոր հասկցած էր իր ամուսնոյն, եւ նոր նոր կը հասկնար որ երբ իր ամուսինը կ՛ըսէր «ես ուրիշ տեղ գացած ատենս հոս հանդիպեցայ», խօսելու սիրոյն չէր որ կը խօսէր:Ան յիշեց որ անգամ մը իր ամուսինը խօսած էր կեանքի մը մասին որ իսկական էր եւ ոչ կեղծ որպէս այս աշհարհինը:Ան արտահայտուած էր նաեւ թէ այդտեղ չկայ երկուսութիւն այլ անսահման միութիւն:
եւ այսպէսով միտքը նոր միտքեր յառաջացուց, եւ այդ նոր միտքերը վերածուեցան հարցումներու:
- Արդէօ՞ք հետ մահու պիտի մոռնանք մեր ներկայի անձերը եւ պիտի դառնանք տարբեր բաներու որոնք շատ աւելի անհասկնալի են մեզի քան "անձ" հասկացողութիւնը:
- Դրախտ կամ դժոխք հասկացողութիւնը իսկապէս վայրե՞ր են ինչպէս որ մեր "անսահման" երեւակայութիւնը կը փորձէ պատկերացնել, կամ վայր-ժամանակ-գոյութիւն խաղէն դուրս բաներ են որոնք կարելի ամենամօտ բառերով մեզի ներկայացուած են:
- «Ուրախ եղայ ձեզի ծանօթանալուս» ըսել է որ կրնար ուրիշներու ալ ծանօթանալ, բայց ոչ ոք գիտէ թէ ինչ բանի համար մեզ՞ի ծանօթացած էր:
Ի՞նչ է ձեր պատասխանը երեւականութեանս մէջ գտնուող այս կնոջ հարցումներուն:
Անշուշտ միւս հերոսներուն մասին ալ կրնաք արտայայտուիլ![]()
Էջանիշներ