Տարիներ անցած են այդ օրէն երբ առաջին անգամ միտքս եկաւ հետեւեալ հարցումը «Մարդ արարածը իսկապէս ուն՞ի ազատ կամք կամ ամէն ինչ սկիզբէն որոշուած է: »
Եթէ չէք հաւատար Աստուծոյ գոյութեան եւ համամիտ չէք որ Աստուած ամէնագէտ է, կը յարգեմ ձեր կարծիքները բայց ըսելիք չունիմ ձեզի այս կէտին մասին: Իսկ եթէ կը հաւատաք Աստուծոյ գոյութեան եւ համամիտ էք որ Աստուած ամէնագէտ է, ձեզի համար են յաջորդ պարբերութիւնները:
Որովհետեւ Աստուած ամէնագէտ է, գիտէ անցեալը, ներկան ու ապագան:
Ուրեմն Աստուած գիտէ ապագան:
Ուրեմն Աստուած գիտէ եթէ այս թեման գրելէս հետոյ պիտի կոխեմ «Ստեղծել նոր թեմա» կոճակը կամ ոչ:
Եթէ Աստուած գիտէ որ այս թեման գրելէս հետոյ պիտի կոխեմ «Ստեղծել նոր թեմա» կոճակը, եւ որովհետեւ իր այդ գիտցածը բացարձակ ճշմարտութիւն է, ես պիտի կոխեմ այդ կոճակին:
Իսկ եթէ Աստուած գիտէ որ այս թեման գրելէս հետոյ պիտի չի կոխեմ «Ստեղծել նոր թեմա» կոճակը, (արդէն դուք պիտի չկարդաք այս տողերը) ես պիտի չկոխեմ այդ կոճակը:
Ու՞ր մնաց մեր ազատ կամքը:
Արդէօ՞ք մենք պարզապէս դերասաններ ենք հոս եւ մեր դերերը այդքան ապրումով կը խաղանք որ մոռցած ենք մեր իսկական ինքնութիւնը:
Արդէօ՞ք մեր իսկական ինքնութիւնը պիտի վերայիշէ իր ով ըլլալը երբ որ բեմէն քաշուի: Արդէօ՞ք մեր իսկական ինքնութիւնը պիտի յիշէ նաեւ որ ինք բեմադրիչին հետ համաձայնութիւն կնքած է որ իրաւունք չունէր script-էն դուրս ելլելու :
Հարցումներ են ասոնք որոնց մասին պատրաստ եմ խօսելու, համոզելու եւ ին՞չու չէ համոզուելու![]()




) ես պիտի չկոխեմ այդ կոճակը:
Մեջբերել
Էջանիշներ