Սակայն՝ որպէսզի ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուի՝ սաստիկ սպառնանք անոնց, որ այլեւս ո՛չ մէկուն խօսին այդ անունով»: Ապա կանչելով զանոնք՝ պատուիրեցին անոնց որ ամե՛նեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսի անունով: Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխանեցին անոնց. « Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի՛ մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք, որովհետեւ մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր տեսածին ու լսածին մասին»: Գործք. 4:17-20
Երբ բերին զանոնք՝ ներկայացուցին ատեանին, ու քահանայապետը հարցուց անոնց «Սաստիկ չպատուիրեցի՞նք ձեզի, որ չսորվեցնէք այդ անունով. բայց դուք Երուսաղէմը լեցուցիք ձեր ուսուցումով, եւ կը փափաքիք մեր վրայ բերել այն մարդուն արիւնը»: Պետրոս եւ միւս առաքեալները պատասխանեցին. «Առավել Աստուծո՛յ պէտք է հնազանդիլ՝ քան մարդոց»: Գործք.5:27-29
Էջանիշներ