Սաիդ Հալիմի վերջին օրը
1921, դեկտեմբերի 5: Առաւօտ շատ կանուխ դուրս ելայ սենեակէս: Նախորդ գիշերը մաքրած էի ատրճանակս եւ փամփուշտներն ալ համրած:
Թարմ-թարմ ածիլւած էի եւ լոգանք մը առած, ու ամբողջ կէս սրւակ օ դը քոլոնիայով մարմինս շփած էի: Ճերմակեղէններէս մինչեւ հագուստներս եւ գլխարկս, արտիստի սեւ գլխարկս, նոփզնոր. ուսանողի կամ արւեստագէտի սեւ փողկապ մը դրած էի. կարծես հարսնիքի երթայի: Վերարկուս վրաս գացի փաշային դղեակին մօտերը, առանց Մ.-ին հանդիպելու: Վճռած էի այդ օրն իսկ գործը վերջացնել՝ առանց այլեւս մտածելու հետեւանքներու մասին:
Ժամը ճիշտ 1-ին ինքնաշարժ մը կեցաւ փաշային դռան առջեւ. դուրս ելաւ Թեւֆիք Ազմին եւ պայուսակ մը թեւին տակ ներս մտաւ. քիչ վերջ փաշային հետ դուրս ելան եւ աճապարանքով մեկնեցան, շատ կարեւոր գործի մը գացող մարդոց երեւոյթով: Չմտահոգւեցայ. այնքան լաւ ուսումնասիրած էի երթեւեկները, որ վստահ էի, որ, ուր ալ ըլլար, չէր կրնար հրաժարիլ իր յետմիջօրէի պտոյտէն եւ անպայման պիտի վերադառնար: Տրամաբանօրէն, առնւազն երկու ժամ պիտի ուշանար: Փութացի Վիլլա Բորգեզէ, ուր յաճախ կառքով, երբեմն ալ քալելով կու գար ան: Նոյնիսկ, օր մը, հետապնդումիս ընթացքին տեսայ, որ թիկնապահին գնել տւաւ ափ մը խորոված շագանակ, փողոցի վրայ նստող շագանակավաճառէ մը: Ժամը 12-ին ատենները Մ. եկաւ ու հարցուց, թէ ինչու ճաշի չէի գացած մեր ուսանողներուն ճաշարանը, ուր կէսօր եւ իրիկուն սովոր էինք հանդիպիլ:
- Որովհետեւ,- պատասխանեցի,- վճռած եմ այսօր այս գործը գլուխ հանել, ամէն պարագայի տակ եւ ամէն գնով: Ջղայնացած էի փաշային ուշանալուն եւ քիչ մը եւս սպասեցի եւ Գրիգորին ըսի.- Ես տան կողմերը կերթամ: «Այո՛»,- ըսաւ. ու դուրս ելանք եւ քանի մը քայլ առի՝ դառնալու համար հանրակառքին փողոցը:
Հասայ Վիա Նոմենտանա, ուր հանրակառքը կեցաւ. իջայ եւ քալելով մտայ Օստակիօ փողոցը: Յանկարծ դէմս ցցւեցաւ Հելենան: Ոստիկանի մը հանդիպումը այնքան չպիտի նեղէր զիս, որքան այդ սիրուն աղջկան ներկայութիւնը այդ պահուն: Ջղային վիճակի մէջ պաղ վերաբերում մը ցոյց տւի: Մտերիմներ դարձած էինք եւ աղջիկը կը զարմանար իմ անակնկալ պաղ վերաբերումէս: Տարօրինակ նայւածքով կը դիտէր, կարծես առաջին անգամ զիս տեսած ըլլար:
Անպիտան աղջիկը կատարեալ հարցաքննութեան մը սկսած էր եւ բաժանւելու միտք չունէր: Ժամը 4-ին կը մօտենար: Փողոցին վարի կողմը նոր շէնքի մը շինութեան աշխատող բանւորները աշխատանքէ կարձակւէին եւ, սովորաբար, այդ ամայի եղող փողոցին մէջ բազմութիւն կար: Վայրկեանէ վայրկեան փաշան կրնար հասնիլ: Փողոցին խանգարիչ երթեւեկը չբաւէր կարծես, դեռ կար այս յամառ աղջիկը, որ անվերջ կը խօսէր ու կը ցրւէր ուշադրութիւնս:
Եւ յանկարծ վերէն լսւեցաւ կառքի մը դղրդիւնը: Մէկէն մարմնէս անծանօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիերը, որոնց բաշերը հովէն կալեծփէին: Կառքին մէջն էր Սաիդ Հալիմ փաշան՝ իր թիկնապահին հետ: Փողոցին միւս ծայրը նայեցայ. Մ. դեռ հասած չէր: Վայրկեանապէս «ցտեսութիւն» ըսի Հելենային՝ պատւիրելով, որ շուտ ներս մտնէ, քանի որ «հայրս» կու գար…
Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով մը ահաբեկումը կատարեմ, բայց քանի մը ակնթարթ ուշացած ըլլալուս՝ քիչ մնաց ձիերու տակ մնայի. ձեռքս վերցուցի, բռունցքս ցցած. ձիերը խրտչեցան եւ ծառացան: Այդ իրարանցումին մէջ արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վրայ՝ կոխելով ոտնատեղին: Մէկ ձեռքով բռնեցի կառքին յենարանը, քիչ մը երեւացի, բայց հաւասարակշռութիւնս կրցայ պահել: Մինչ թիկնապահը կառապանին կը նայէր ու բաներ մը կըսէր, երեւի հասկնալու համար ձիերուն խրտչիլը, Սաիդ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: «Երէն»,- ըսաւ թիկնապահին: Այս եղաւ սադրազամին վերջին բառը: Աչքերը սարսափով լեցուն էին, երբ ատրճանակիս փողը ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի մը հարկ չմնաց: Խռպոտ ձայն մը եւ փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ, գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ:
Կառքը դեռ կարշաւէր: Թեւֆիք Ազմին, առաջին շփոթէն սթափած, ատրճանակ մը հանեց ու կը պատրաստւէր կրակել, երբ ատրճանակիս փողը անոր ալ ճակտին ուղղելով, գոռացի թուրքերէնով.
- Աթ աշաղը, գեբերթիրիրըմ.- Նետէ՛ զէնքդ, կը սատկեցնեմ…
Հնազանդեցաւ եւ ատրճանակը կառքէն դուրս նետեց, ահաբեկ դէմքով: Ատրճանակիս կոթովը այս անգամ սկսայ հարւածել կառապանին կռնակին՝ բոռալով իտալերէն. «Ասբետա, ասբետա». «Կեցի՛ր, կեցի՛ր»: Խեղճ կառապանը վախէն կը դողար եւ յուսահատական ճիչերով զիս վկայութեան կը կանչէր՝ ըսել ուզելով.- Տե՛ս, կեցնել կուզեմ, բայց ձիերը չեն կենար:
Կառապանը չյաջողեցաւ կեցնել ձիերը, որոնք վազքը շարունակեցին մինչեւ փաշային տան առջեւ եւ ինքնաբերաբար կանգ առին: Դռան առջեւ խափշիկ ծառան մեքենաբար ձեռքը ճակտին տարաւ՝ «թեմեննահ» ընելու ձեւով, բայց փաշային ինկած գլուխը տեսնելով՝ այդ դիրքին մէջ քարացած մնաց, ապշահար: Առանց կարեւորութիւն տալու ծառային՝ վար ցատկեցի կառքէն եւ ատրճանակս ցցած թեւովս լայն շարժում մը գծեցի շուրջս՝ թէ՛ սարսափ ձգելու, եւ թէ՛ փախուստիս ուղղութիւնը որոշելու համար…
ՄԻ ՀԱՏՒԱԾ ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆԻ
«ԿՏԱԿՆ ԷՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ» ԳՐՔԻՑ
http://www.alikonline.com/
Էջանիշներ