Մեջբերում StrangeLittleGirl-ի խոսքերից Նայել գրառումը
Բառարաններում գոյություն ունեցող բառը չի նշանակում, որ պետք ա արհեստականորեն շրջանառության մեջ դնել (բայց բառարաններում լինելու փաստի վրա էլ վստահ չեմ, քանի որ էդպես վստահորեն պնդում եք, որ ԲՈԼՈՐ բառարանների մեջ կա): Ու ընդհանրապես, Ռաֆֆի չէ, Րաֆֆի
Կրնաք Ձեր անունին պէս վստահ ըլլալ, որ ես շատ լաւ գիտէի, թէ հայ մեծ վիպասանը իր անունը գրած է Րաֆֆի՝ Ր-ով: Բայց ահա չեմ ուզեր ընդունիլ, որ հայերէն յատուկ անուն մը սկսի Ր-ով, սա կը հակասէ հայերէնի ուղղագրական սեպուհ սկզբունքներուն: Պէտք չէ մոռնալ, որ Ռաֆֆին շատ համեստ կրթութիւն ունէր, եւ իր ուշադրութենէն կամ գիտութենէն կրնար խուսափիլ ուղղագրական այս տարրական կանոնը: Ցաւալի է, սակայն մինչեւ հիմա ալ կան սփիւռքահայ կիսագրագէտ գրողներ, որոնք յատուկ անունները կը տառադարձեն Ր-ով՝ Րընէ, Րահման, Րուտոլֆ ու էլի ուրիշներ. շատ պարզ է, որ այսպէս գրողներն ալ սկսած են մոռնալ հայերէնը, վաղը պիտի մոռնան իրենց հայութիւնն ալ:
Կը նկատեմ, միւս կողմէ, որ վերապահութեամբ կ'ընդունիք «թոյլատու» (Ձեր թերի ուղղագրութեամբ՝ «թույլատու») բառին գոյութիւնը. կը յանձնարարեմ, որ բանաք Էդուարդ Աղայեանի երկհատոր կոթողական բառարանը, այնտեղ պիտի գտնէք «թույլատու» եւ այս հիմքով կազմուած բազմաթիւ ուրիշ բարդ ու ածանցաւոր բառեր եւ հաւանաբար պիտի համոզուիք, որ «թոյլատու»-ն արեւմտահայերէն նորամուտ բառ չէ: Ես, իբրեւ տարագիր սփիւռքահայ, խորապէս կը զարմանամ միայն, որ քիչ թէ շատ զարգացած արեւելահայ մը կամ որեւէ հայ ընդհանրապէս չճանչնայ այս բառը, որ այնքան սովորական է, եւ նուաստ մուրացկանի պէս երթայ ափ առնէ եւրոպական «տոլերանտ» բառի դուռը: Նման կացութիւն մը չի՞ վիրաւորեր Ձեր ազգային արժանապատւութիւնը:
Արեւելահայերդ ընդհանրապէս չէք հասկնար, չէք ըմբռներ, թէ որքա՜ն կը խոցէք սփիւռքահայերս Ձեր անհարկի ու ստրկական փոխառութիւններով. չէք ըսեր վիժում, կ'ըսէք աբորտ, չէք ըսեր փտածութիւն, կ'ըսէք կոռուպցիա, չէք ըսեր պատկեր կամ կերպար, այլ կ'ըսէք իմիջ, չէք ըսեր եղանակ, այլ կ'ըէք սեզոն, այլեւ կ'ըսէք՝ օբյեկտիւ, սուբյեկտիւ, լեգիդիմ, բանկ-բանկիր եւ այսպէս տասնեակներով, հարիւրաւորներով, հազարաւորներով աղբակոյտեր, որոնք կը փճացնեն մեր համազգային ու հասարակաց գանձը՝ հայերէնը: Ինչո՞ւ այս անմիտ լեզուագարութիւնը, դուք ըսէք՝ լեզուասպանութիւնը, որ տեղի կ'ունենայ ո՛չ թէ թուրքի, այլ հայու կամքով ու հայու բերնով:
Վերջերս կը խօսէի արեւելահայու մը հետ ու անոր կ'առաջարկէի «դրամատուն» եզրը «բանկ»-ի փոխարէն:
- Ախր, էդ ո՞նց կը լինի, բանկ-ը դրամի տո՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜ւն ա՞՞՞՞՞՞՞՞՞՞՞՞՞՞՞...:
Ինչո՞ւ չէ, եթէ տունը առնենք իր լայն իմաստով իբրեւ հաստատութիւն, ապա ան դրամային գործառնութեանց հաստատութիւն մըն է: Ասկէ աւելի արտայայտիչ ու կիրթ եզր ո՞ր լեզուն ունի:
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ «բանկ», հարցուցա՞ծ էք երբեւէ զայն գործածելէ առաջ. սա պարզապէս կը նշանակէ «սեղան» (banco, banque, bank): Եւ ահա ոչ մէկ ատեն ոչ մէկ իտալացի հարց չէ տուած, թէ ինչո՞ւ այդ հաստատութիւնը պէտք է «սեղան» կոչել: Անշուշտ այդ հարցը չի տար թութակաբար եւ երկիւղածօրէն «բանկ» ըսող արեւելահայը եւս: Իսկ «բանկիր» կը նշանակէ «սեղանաւոր», այսինքն՝ սեղան ունեցող. սեղան կրող, իր հետը սեղան պտտցնող: Չհարցնե՞նք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է Արեւմուտքը խորհրդանշող այդ պատկառելի մեծահարուստը սեղանաւոր կամ սեղանակիր կոչել: Բայց այս այսպէս է:
Ահա թէ որքա՜՜՜ն անհեթեթութիւններ կան այդ օտար լեզուներու մէջ, որոնք սակայն միւռոնի անուշութեամբ կուլ կը տրուին արեւելահայ խաթարուած ճաշակներու եւ քիմքերու կողմէ, վասնզի՝ օտար է, ուրեմն՝ լաւ է (լաւ ա՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜՜):
Ձեր այս մտայնութիւնը անշեղօրէն կ'առաջնորդէ երկու բանի՝ հայրենասպանութեան եւ լեզուասպանութեան: Եւ ամէն ջանք ի գործ դրած էք արդէն՝ հոն հասնելու համար: