Եղիայեան-ի խոսքերից
Արտասանութիւն փոխելը գրեթէ անկարելի է, այս պատճառով ալ պէտք չէ պահանջել, որ արեւմտահայը փոխէ իր արտասանութիւնը: Երբ օր մը կը վերամիանանք ֆիզիքապէս ու կ'ապրինք կողք-կողքի, նոր սերունդը կամաց-կամաց կը մոռնայ Քաքիկ-ը ու կ'արտասանէ Գագիկ: Մինչդեռ արեւելահայերուդ համար դժուար չէ որոշել, որ տուեալ բառին հայերէնը պիտի գործածէք, երբ այդ հայերէնը կա՛յ: Սա այնպիսի բան մըն է, որ գրեթէ ոչ մէկ ճիգ կը պահանջէ, կը բաւէ կամենալ՝ կարենալու համար: Ըստ այսմ ալ՝ հանդուրժողականութեան հարց չի դրուիր: Տեղի ունեցածը ազգային արժէքներու հանդէպ ցուցաբերուած անտարբերութիւնն է: Իսկ մեզի պէս փոքր ժողովուրդի մը թոյլատրուած չէ անտարբեր ըլլալ:
Էջանիշներ