Կը ներէք, չեմ ուզեր ճապաղիլ, սակայն չեմ կրնար նաև համաձայնիլ բոլորովին: Արևելահայերուդ մտածողութեամբ «ճիշդ» է այն ամէնը, որ կիրառութիւն գտած է. այս տրամաբանութեամբ ալ՝ դուք «ճիշդ» կը նկատէք նաև «արձագանՔ» ձևը, քանի այդպէս նուիրականացած է,մինչ ստուգաբանօրէն «արձագանԳ» է: «Հետայսու» (յետայսու) սխալ ձևը շատ յաճախուած է մեր երկու բարբառներուն մէջ ալ. սակայն մենք յարատև կը յիշեցնենք մերոնց, որ սխալ է ան, միւս կողմէ՝ որևէ բառարան մուտք չի գործեր ան, մինչդեռ ձեր բառարանագիրները ազատ տեղ կու տան անոր հենց այն պատճառով, որ տարածում գտած է: Ինչպէս որ չէք վերացներ «արձագանք» սխալ ձևը, նոյնպէս ալ կը պահէք «հետայսու» սխալ ձևը. ասոր պահպանումը պատճառ մը չէ, որ ան դադրի սխալ մտածուած ու կազմուած բառ մը ըլլալէ:
Էջանիշներ