Ներեցէք, սակայն ես տարբեր բացատրութիւն մը պիտի տամ: «Բ» շրթնային պայթականէն ետք «կ» կոկորդային պայթականին անցումը շատ կը դժուար է, քանի այս երկուքը իրարմէ հեռու և իրարու անյարիր արտասանութիւններ են. ուստի լեզուն այս կացութիւնը դարմանած է «ա» յօդակապի շնորհիւ, որուն արտաբերումը «բ» պայթականէն ետք ոչ մէկ դժուարութիւն կը յարուցէ, իսկ «ա»-էն ալ «կ»ին անցումը նմանապէս հեշտ է: Այլ խօսքով՝ «ռմբակոծել» բային մէջ յօդակապը ձևով մը արտասանական միջնորդի դեր կը կատարէ «բ» և «կ» հնչիւններուն միջև: «Քարկոծել»-ին մէջ «կ» պայթականին արտաբերումը «ր»-էմ ետք շատ հեշտ է, քանի «ր»-ն ձայնորդ բաղաձայն ըլլալով օժտուած է ձայնի շատ աւելի մեծ համեմատութեամբ (քան «բ»-ը), միւս կողմէ այս վերջինին արտասանութեան աւարտը շատ աւելի մօտ և յարիր է «կ»-ի արտասանութեան, այս պատճառով աթ լեզուն զանց առած է «ա» յօդակապը:
Էջանիշներ