Հայերն ու չուրքերը, անհամբեր կը սպասեն, Ապրիլ 24ի ամերիկեան նախագահական ուղերձը:
Այսինքն, եթէ նախագահ Բարակ հուսեյն Օբաման յիշէ «Ցեղասպանութիւն» բառը, հայերս պիտի ցնծանք, ու ուրախութիւննէս երկինք թռինք: Եւ եթէ յանկարծ, մի քանի օր անց, Աբու հսէն Օբաման, Թուրքիոյ հասցէին ուղղուած ծանր խօսքը մեղմացնէ ու փաղաքշական խօսք հնչեցնէ, այդ ժամանակ, ազգովին պիտի գրգռուինք Աբու հսէնի հանդէպ:
Ուրիշ խօսքով՝ մեր ազգային ու մարդկային երջանկութիւնը կախուած է մարդու մը բերնէն ելած արտասանութենէն, վասնզի այդ մարդը Ամերիկայի նախագահն է:

Ու ինչպէս միշտ, դարերու ընթացքին եղածին պէս, եթէ Արեւմուտքը երես թեքէ Չուրքիայէն, վերջինս, իրեն երես տուող կրնայ գտնել ուրիշ տեղ, բան մը որ անպայման հաշուենկատ վերաբերիլ պիտի պարտադրէ Արեւմուտքին, ճարպիկ լարախաղաց Չուրքիոյ հանդէպ:

Օբամայի յիշելիք «Ցեղասպանութիւն» բառը ինձի բաւարար չէ: Այդ մեկը բարոյական յաղթանակ չէ: Այդ «բարոյական յաղթանակ»ը գաւաթ մը թեյին մէջ կը հալեցուի ու կխմուի:

Հայկական Ցեղասպանութեան ոճիրը կարելի է հատուցել միմիայն նմանօրինակ արարքով: Այդպիսի արարք մենք չենք կրնար կատարել, նոյնիսկ եթէ ուզենք: Ուրեմն՝ լիակատար հատուցում չի կրնար ըլլալ: Երբէք եւ երբէք կորուստը չենք կրնար վերականգել: Ժամանակը ետեւ չենք կրնար տանիլ: Արեւմտեան Հայաստանն ու Արեւմտահայութիւնը իրենց նախկին՝ ազգագրական ու մշակութային վիճակին չենք կրնար դարձնել:

Ըստ իս, նոյնիսկ եթէ հրաշքով Թուրքիան ընդունի, սահմանը բանայ ու մի քանի միլիարդ հատուցէ, դարձեալ պէտք չէ մոռացութեան մատնուի անոր ոճրային անցեալը: Նահատակներս աշխարհիկ գին չունին, Հայրենիքս միլիարդներով չի գնահատուիր: Մեր վիշտով բազար թող չընեն: