Այս շարանով կը միտիմ որոշ տեղեկանք հայթայթել սփիւռքահայ քաղաքական կեանքով հետաքրքիրներուն:
Միշել Աուն քաղաքական կերպարը անցեալ ունի Լիբանանի պատմութեան մէջ: Ան այժմ կը գլխաւորէ քրիստոնեայ ընդդիմադրութիւնը՝ Ֆուադ Սինիորայի ամերիկամետ-սաուդամետ վարչակարգին: Նշենք, որ Սինիորայի վարչակարգն իր կարգին ունի իր քրիստոնեայ խմբակցութիւնները:
Հայութեան մեծամասնութիւնը ներկայացնող Հ.Յ.Դ կուսակցութիւնը այժմս մաս կը կազմէ Միշել Աուն-Հզբոլլա դաշինքին, որ ունի այլ մանր դաշնակից ուժեր եւս:
Լիբանանեան քաղաքական կեանքը շատ խրթին է: 1975-1990 ական տարիներու քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, հայկական կուսակցութիւնները միշտ չեզոք դիրք բռնած են հակամարտ ուժերու միջեւ: Պետութեան ազգային միասնութեան եւ խաղաղութեան կողմակից եղած են: Շատ տրտում ու ցաւ տեսած հայ ժողովուրդէն այլ կեցուածք սպասել կարելի չէր: Արդարեւ անցնող 40-50 տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելեան անհանգստութիւնները մեծ ազդ թողուցին այդ տարածքին մէջ բնակող հայ ժողովուրդի քանակի ու որակի վրայ: Աղօթենք առ Աստուած. Հայ ժողովուրդին անսասանութիւն խնդիրքով: Միջին Արեւելեան հայ գաղութներու մէջ Հայութիւնը, որպէս լեզու եւ ցեղ աւելի ապահով է: Արեւմտեան գաղութները, Ամերիկայի, Եւրոպայի, Աւստրալիոյ հայ գաղութները միշտ շնչած են հայութիւն, շնորհիւ արեւելքէն (հայկական Ասիայէն) Հ.Հ.էն եւ արաբական երկիրներէն եկած հայերով: Ուծացումը միշտ սպառնացած է մեզի: Սակայն այս վայրերուն մէջ այդքան ահաւոր չէ այդ վտանգը, որքան որ է այդ վայրերուն մէջ:
Ազդակ կայքէջի հասցէն պիտի տեղադրէի, որտեղ Միշել Աուն քաղաքական գործիչը եւ Լիբանանի ապագայ նախագահի գլխաւոր թեկնածուն, հարցազրոյց շնորհած էր Հ1 կայանի թղթակից Անոյշ Թրուանցին, բայց ցաւօք սրտի Ազդակի նոր համացանցային էջի ձեւաւորումով (Design) ջուրն ընկաւ հասցէն ալ, Ազդակի համացանցային էջէն օգտուելու կարողութիւնս ալ:
Էջանիշներ