Կ'ուզէ՞ք գիտնալ թէ ի՛նչպէս կը վերաբերէին փարիսեցիները շնութեան մեղքին մէջ բռնուած կնոջ մը հետ: Ինչպէս բորենիները պիտի յօշոտէին եւ բզքտէին իրենց ժանիքներուն մէջ ինկած եղնիկ մը, ճի՛շդ այնպէս, փարիսեցիները կը «յօշոտէին» իրենց ձեռքը ինկած մեղաւոր շնացող կինը: Կինը արդէն վիրաւորուած էր Սատանային կողմէ եւ կարիքը ունէր մարդոց, որոնք զինք ազատէին անոր ձեռքէն, բայց ի՜նչ ցաւալի բան, այն ձեռքերը, որոնք պէտք էր փութային զինք ազատագրել Սատանային ձեռքէն, պատրաստուած էին քարկոծելու եւ սպաննելու զինք:
Այսօր մեր կեանքին մէջ շատ են «յօշոտիչ» փարիսեցիներուն թիւը: Փարիսեցիներ՝ որոնք փոխանակ տկար ձեռքերը զօրացնեն, ընդհակառակը՝ կը կոտրեն զանոնք: Փարիսեցիներ՝ որոնք փոխանակ աղքատին ու տկարին տէր կանգնելու, ընդհակառակը՝ կը ճզմեն եւ կ'ոտնակոխեն զայն: Փարիսեցիներ՝ որոնք փոխանակ մարդիկը Սատանային ձեռքէն ազատելու, իրենք սատանայութին կ'ընեն անոնց հանդէպ:
Վաղինակ Վրդ. Մելոյեան
Էջանիշներ